Search
Close this search box.

Արման Թաթոյեան միջազգային լրագրողներուն ներկայացուցած է Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային բնակավայրերու մէջ ազերպայճանական ոճրային արարքներուն ապացոյցները

Յուլիս 24-ին, իրա­ւապաշտպան Ար­ման Թա­թոյեան մի­ջազ­գա­յին լրագ­րողնե­րուն ներ­կա­յացու­ցած է Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նային բնա­կավայ­րե­րու մէջ ազեր­պայճա­նական ոճ­րա­յին արարքնե­րուն ապա­ցոյցնե­րը, հա­յերու նկատ­մամբ Պա­քուի վարած ցե­ղապաշտ, հա­յատեաց, հայ­կա­կան ինքնու­թեան ոչնչաց­ման պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնը: Լու­րը կը հա­ղոր­դէ «Թա­թոյեան» հիմ­նադրա­մը։

Ան ընգծած է, թէ ազեր­պայճա­նական զի­նեալ­նե­րը կոպ­տօ­րէն կը խախ­տեն Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նային բնա­կիչ­նե­րուն իրա­ւունքնե­րը, այդ պատ­ճա­ռով ալ վեր­ջիններս զրկո­ւած են բնա­կանոն ու անվտանգ կեան­քէ:

Եւ այս ամէ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թեան հո­վանա­ւորու­թեամբ։

«Քա­նի տա­կաւին այդ եր­կի­րը չէ պատ­ժո­ւած պի­տի շա­րու­նա­կէ իր վա­րած քա­ղաքա­կանու­թիւնը` շա­րու­նա­կաբար խա­թարե­լով Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը եւ մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րը»,– մատ­նանշած է ան։ ■