«Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի եւ Արմաւիր համայնքի ղեկավարին միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ կը նախատեսուի «Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոններ» բարեսիրական ծրագրի ծիրէն ներս Արմաւիրի մէջ ստեղծել Թումօ կեդրոն։
Յուլիս 25-ին գումարուած կառավարութեան նիստին նախագիծը ներկայացուցած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան։ Ան նշած է, թէ Թումօ կեդրոնը կարելիութիւն կը ստեղծէ 12-18 տարեկան երեխաներուն եւ Հիմնադրամի կանոնադրութեամբ սահմանուած այլ անձանց անվճար օգտուելու արհեստի եւ արհեստագիտութիւններու հարթակներու վրայ մատուցուող կրթական ծրագրերէն: «Կեդրոնին համար կը նախատեսուի ծախսել շուրջ 530 միլիոն դրամ»,– տեղեկացուցած է Սանոսեան, աւելցնելով, որ մինչեւ 2026 Արմաւիրի մէջ կը բացուի կեդրոնը՝ 3800 երեխաներու համար: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։