Search
Close this search box.

Արմէն Աշոտեան ելած է բանտէն, բայց պիտի մնայ տնային հսկողութեան տակ

Սեպտեմբեր 11-ին, Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան՝ 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ելած է «Նուպարաշէն»-ի բանտէն, բայց դատարանի որոշումով կը մնայ տնային հսկողութեան տակ։ Ան 2023 Յունիս 16-էն ի վեր բանտարկուած էր։

Աշոտեան կ՚ամբաստանուի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար եղած շրջանին՝ իր դիրքի չարաշահման եւ ապօրինի գումարներու օրինականացման մեղադրանքով։ Սակայն, Վերաքննիչ պատժական ատեանը 2023-էն իսկ հաստատած էր հիմնաւոր փաստի բացակայութիւնը՝ ապօրինի գումարներու օրինականացման կասկածին շուրջ:

Ենթական չ՚ընդունիր իր դէմ յարուցուած մեղադրանքը, պնդելով որ քաղաքական հետապնդման կ՚ենթարկուի վարչապետ Փաշինեանը քննադատելուն համար։