Search
Close this search box.

Արմէն Խանդիկեան, Բարսեղ Թումանեան, Լեւոն Թոքմաջեան եւ Հենրիկ Էդոյեան՝ Երեւանի «պատուոյ քաղաքացի»-ներ

Երեւանի 2806-ամեակին առթիւ՝ բեմադիր Արմէն Խանդիկեանին, օփերայի երգիչ Բարսեղ Թումանեանին, քանդակագործ, նկարիչ Լեւոն Թոքմաջեանին եւ բանաստեղծ, փրոֆ. Հենրիկ Էդոյեանին շնորհուած է Երեւանի «պատուոյ քաղաքացի»-ի կոչում։

Մշակութային գործիչները սոյն կոչումին արժանացած են Երեւանի կեանքին մէջ ունեցած իրենց ներդրումին համար։

Որոշումը հաստատուած է Երեւանի աւագանիի Հոկտեմբեր 15-ի նիստին: