Արմսաթ-1 արբանեակին անակնկալը

“2022 Մայիսի 25-ին Երեւանի ժամանակով 22.35-ին ԱՄՆ-ի Կանավերալ հրուանդանում գտնուող տիեզերակայանից Space X ընկերութեան տիեզերանաւով երկիր մոլորակի ուղեծիր է դուրս բերուել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիեզերական արբանեակը”,– յայտարարեց վարչապետ Փաշինեան Մայիս 26-ի կառավարական նիստի ընթացքին։ Հայաստանի համար անսպասելի նորութիւն մը, որ երկար տարիներու սպասումէ ետք վերջապէս իրականացաւ։ Ան աւելցուց նաեւ՝ “սա տեղի է ունեցել հայկական պետական «Գեոկոսմոս» բաժնետիրական ընկերութեան եւ իսպանական «Սատլանտիս» ընկերութեան համագործակցութեան արդիւնքում”։

Սակայն եկուր տես որ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը ցոյցերով տարուած անտեսեցին պետութեան անվտանգութեան համար ռազմավարական անկիւնադարձային այս ձեռքբերումը, որ միաժամանակ իր կարեւորութեան չափ ալ էական հարցադրումներ կը յառաջացնէ, որոնց բացայայտումին համար խորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատը կրնար քննարկումներ կատարել եւ լսումներ պահանջել։

Առաջին հարցումը որ կը ծագի այն է թէ ինչպէ՞ս գիտական, տեղեկատուական, նորարարական, ռազմական, ռազմավարական ներդրումային կարեւոր ծրագիր մը կառավարութիւնը իրագործած է Արեւմուտքի օգնութեամբ։ Ռուսաստան մինչ այժմ տակաւին չհակազդեց իր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Արեւմուտքի հետ՝ գերզգայուն այս կալուածին մէջ նման գործակցութեան։ Երկրորդ հարցումը՝ ի՞նչ դրամագլուխով, որո՞ւ գանձատրումով։ Երրորդ՝ ո՞վ պիտի ստանձնէ արբանեակին թեքնիք տնօրինումը։ Ի՞նչ գործառոյթներ պիտի ապահովէ արբանեակը։ Որքանո՞վ Հայաստան տեղակայուած ռուսական բանակը պիտի համագործակցի այլ կեդրոններէ ղեկավարուած արբանեակային տեղեկատուական համակարգին հետ։

Զգալի է Արեւմուտքի՝ մասնաւորապէս տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակը հետապնդող հետեւողական լուրջ հետաքրքրութիւնն ու շահագրգռութիւնը Հայաստանով։ Շառլ Միշէլի Մայիս 22-ի պրիւսէլեան եռակողմ հանդիպումին, Յունիս 3-ին յաջորդեց ռուս-հայ-ազերի փոխվարչապետներու 10-րդ աշխատանքային հանդիպումը հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման շուրջ։

Հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը Եւրոպական խորհուրդի կազմակերպած  հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր նիւթերէն էր, ինչպէս նաեւ Արցախահայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները։ Ռուս-արեւմտեան մրցակցութիւնը ակներեւ է այս երկու նիւթերու եւ սահմանազատման շուրջ։ Թէեւ Արեւմուտքը շատ աւելի ընդգրկուն խաղաղութեան դաշինք կնքելու նպատակը կը հետապնդէ։

Ռուսական կողմը Արցախի մէջ իր խաղաղապահ ուժերու ռազմական ներկայութիւնը ընդգծեց Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի բերնով, անոր հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընդմէջէն. վերջինս յայտարարեց ռուսական բանակի մնայուն ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը Արցախի մէջ, ու Եւրոպական Միութեան թելադրեց Արցախի հակամարտութեամբ չզբաղիլ։

Իսկ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը մնայ ալեկոծ։ Խորհրդարանական ընդդիմութեան ցոյցերը կը շարունակուին։

Յունիս 3-ին, ընդդիմութիւնը փորձեց խորհրդարանական արտակարգ նիստ հրաւիրել նախօրօք Արցախի անկախութեան վերաբերեալ պատրաստած յայտարարութիւն մը որդեգրել տալու, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարմիր գիծեր հաստատելու նպատակով։ Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը մերժեց քննարկումներումներուն մասնակցիլ, ձախողեցնելով նիստը։

Նոյն օրը, առաջին անգամ ըլլալով ցուցարարները կառավարութեան առանձնատուներու դիմաց, Իշխան Սաղաթէլեանի յորդորին հետեւելով փորձեցին կոտրել ոստիկանական շղթան, շիշեր ու քարեր արձակեցին ոստիկանութեան վրայ, որ իր կարգին հակադարձեց լուսաձայնային ձեռնառումբեր գործածելով։ Արեւմուտք-Ռուսաստան սուր մրցակցութեան ենթախորքին՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կոշտ քայլերու դիմելով կը փորձէ շարժումին նոր թափ հաղորդել։ Բեմէն արտասանուած խօսքերը կը մղեն Հայաստանի մէջ երկիշխանութիւն հաստատելու, ներքին կայունութիւնը խախտելու ակներեւ նպատակը կը հետապնդեն, որ միաժամանակ արգելք պիտի հանդիսանար Արեւմուտքի՝ հարաւային Կովկաս ներթափանցումին։

Ժ.Չ. ■