Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը յայտարարած է, որ Google Map եւ Google Earth յաւելուածներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի շարք մը վայրերու տեղանուններ նշուած են ազերպայճաներէն ու ազերպայճանական տեղանուններով։
«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ադրբեջանական անուններով են նշուած դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն: Օրինակ՝ «Որոտան» գետը նշուած է ադրբեջանական անուանումով՝ «Bazarçay» կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ադրբեջանի նախկին նախագահ Հեյդար Ալիեւի կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի շրջակայքը նշուած է միայն ադրբեջաներէնով՝ «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն: Նոյնիսկ փորձ են արել փոխել Սիսիան քաղաքի անունը՝ Qarakilise: Ակնյայտ է, որ տեղի ունեցածն ադրբեջանական իշխանութիւնների միջամտութեամբ եղած է: Սրանով, նախ, փորձ է արւում հոգեբանական ճնշումների ենթարկել Հայաստանի ժողովրդին ու յատկապէս բնակավայրի բնակիչներին»,– «Արմէնփրէս»-ի համաձայն նշուած է Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՚ըսուի, որ այդ ձեւով կը փորձեն կեղծիքներով աշխարհին ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սիւնիքը ազերպայճանական է: Ի վերջոյ, կը փորձեն օրինականացնել ազերպայճանական յարձակումները եւ ոճրային ներխուժումները՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:
Նման մօտեցումով ազերպայճաներէնով նշուած են նաև տեղանուններ՝ Մեղրիի եւ Կապանի մէջ։
«Թաթոյեան» հիմնադրամը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանի The Armenian National Committee of America-Western Region (ANCA Western Region) հետ համագործակցութեամբ, արդէն իսկ կապի մէջ է «Google» ընկերութեան հետ եւ միջոցներու կը ձեռնարկէ խնդրի լուծման ուղղութեամբ։ Ձեռնարկուած քայլերու հետեւանքով որոշ կեղծ անուններ արդէն փոխուած են:
Այս եղանակով չփոխուելու պարագային, ամերիկեան գործընկեր հայ փաստաբաններու հետ քայլեր պիտի առնուին ազերպայճանական կեղծիքները վերացնելու պահանջով դատական գործընթացներ սկսելու ուղղութեամբ
Նշենք որ՝ Ազերպայճանցիները քարտէսներուն մէջ յաջողած են նոյնիսկ քարոզչական պատգամ մտցնել, քանի որ անոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք՝ «Սիսիանը Ազերպայճան է»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։