Արտադրող Արմէն Գրիգորեան յանկարծամահ եղած է դատական դահլիճին մէջ

Պարզապէս ճակատագրո՞վ, թէ՞ թերացման յանցանքով վրայ հասած ողբերգութիւն

Արտադրող (producteur) Արմէն Գրիգորեան Յուլիս 15–ին, գիտակցութիւնը կորսնցնելէ ետք յանկարծամահ եղած է դատարանի դահլիճին մէջ իսկ։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Կենտրոն» նստավայրին մէջ անոր գործին վերաբերեալ նախնական ունկնդրութիւններու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան յանկարծ կորսնցուցած է գիտակցութիւնը եւ աթոռէն ինկած: Կարճ ժամանակ ետք յայտնի դարձած է, որ յանկարծամահ եղած է:

Ենթական Մայիս 17-էն ի վեր բանտը կը գտնուէր, ձերբակալուած ըլլալով ազգային արժանապատւութիւնը հրապարակայնօրէն նուաստացնելու մեղադրանքով։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս մասին տեսանիւթ մը հրապարակելով՝ պնդած էր, թէ Գրիգորեան հրապարակայնօրէն նուաստացուցած է Շիրակի եւ Արարատեան դաշտի բնակչութեան ազգային արժանապատւութիւնը։

Ողբերգական այս դէպքը նոր բանավէճի դուռ բացած է։ Մէկ կողմէն, Արմէն Գրիգորեանի փաստաբանները, ինչպէս նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր ճակատը կը պնդեն, որ ենթական բանտը կը պահուէր հակառակ բազմաթիւ ահազանգերուն թէ՝ ան ունի առողջական լուրջ խնդիրներ, որոնք անհամատեղելի են կալանքի հետ, եւ որ պատահածը պարզապէս սպանութեան համազօր է։ Իսկ միւս կողմէն, Քրէակատարողական ծառայութիւնն ալ կտրականապէս կը հերքէ այս ու նման պնդումները,  յայտարարելով որ՝ բանտը գտնուելու ամբողջ ժամանակաշրջանին ո՛չ Արմէն Գրիգորեան ինք անձամբ, ո՛չ անոր փաստաբանը եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ անձ անոր առողջական հաւանական խնդիրներուն մասին որեւէ տեղեկութիւն հաղորդած կամ դիմում ներկայացուցած է Քրէակատարողական հիմնարկի ծառայողներուն, եւ թէ ենթական միշտ ալ բժշկական պատշաճ հսկողութեան ու խնամքի արժանացած է։

Գրիգորեանի մահուան անդրադարձած է նաեւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանը (ՄԻՊ): Քրիստիննէ Գրիգորեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է. «Ծայրայեղ անընդունելի եւ մտահոգիչ է, որ նախնական կալանքի պայմաններում անձի նկատմամբ պահման վայրում չի երաշխաւորւում առողջութեան պահպանման իրաւունքը, պատշաճ չեն բացայայտւում եւ հասցէագրւում առողջական խնդիրները, ինչը յանգեցնում է նման ողբերգական հետեւանքի»։

Ան նաեւ յայտնած է, որ բացատրութիւն պահանջած է Դատախազութենէն եւ Արդարադատութեան նախարարութենէն՝ Արմէն Գրիգորեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւններու, անոնց բուժման նպատակով ձեռնարկուած միջոցներուն եւ մահուան պատճառ դարձած միւս հնարաւոր հանգամանքներուն վերաբերեալ։

«Հետեւողական եմ լինելու մեղաւորներին պատասխանատւութեան կանչելու հարցում։ Ցաւակցութիւնս եմ յայտնում պարոն Գրիգորեանի ընտանիքին եւ ընկերներին»,– գրած է ՄԻՊ-ը ։

Արմէն Գրիգորեանի մահուան ստոյգ պատճառները ներկայիս կը մնան անծանօթ։ Դատաբժշկական քննութեան մը ձեռնարկուած է, որ պէտք է բացայայտէ, թէ ինչի՞ հետեւանքով յանկարծամահ եղած է ան։

«Հայաստան» դաշինքի յայտարարութիւնը

«Արմէն Գրիգորեան օրէ օր ամրապնդուող բռնատիրութեան յաջորդական զոհն է»

«Հայաստան» դաշինքը Արմէն Գրիգորեանի մահուան առթիւ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորաբար նշուած է.-

«Երէկ (Յուլիս 15-ին) դատական նիստի դահլիճում մահացաւ ներկայացումների (spectacles) արտադրող Արմէն Գրիգորեանը։

Մայիսի 17-ից ԱԱԾ-ի միջնորդութեամբ կալանաւորուած  Արմէն Գրիգորեանը վարչակարգի, երկրում օրըստօրէ ամրապնդուող բռնատիրութեան հերթական զոհն է։ 

Ազատ խօսքն ու քաղաքական այլակարծութիւնը կալանքներով ու բռնաճնշումներով լռեցնող իշխանութեան համար իրաւունքը, մարդու արժանապատւութիւնն ու ազատութիւնները ոչինչ են։

Բարոյականութեան, օրէնքի, պարզապէս մարդկային խղճի հետ աղերս չունեցող իշխանութեան պատուէրով միայն կարելի է բացատրել նաեւ անազատութեան մէջ գտնուող Արմէն Գրիգորեանին ՔԿՀ-ում  (բանտ) տեսակցութիւնից զրկելը։

Բարոյական եւ ֆիզիքական խոշտանգումն այլ կերպ չի լինում։ Նրա մահը մեղքի եւ պատասխանատւութեան հասցէ ունի՝  պատուէր տուողների եւ այն իրականացնողների իշխանական նեղ շրջանակ։

Արմէն Գրիգորեանը խիզախաբար, հայ մարդու, հայ քաղաքացու  անմնացորդ նուիրումով պայքարում էր մեր արժանապատւութեան, արդարութեան, Հայրենիք ու պետականութիւն ունենալու համար, գերութեան մէջ գտնուող իր եղբայրների ազատութեան համար։

Նրա ներկայութիւնը միշտ լուսաւոր էր, համոզիչ ու վարակիչ։

Արմէն Գրիգորեան վստահաբար Հայրենիքի համար մեր պայքարի թանկ զոհերից է։

Ցաւակցում ենք Արմէն Գրիգորեանի ընտանիքին, հարազատներին, գաղափարական ընկերներին՝ նրա անժամանակ և ողբերգական մահուան կապակցութեամբ։ Նրա յիշատակը կը մնայ մեր բոլորի սրտերում՝ աւելի ամրացնելով մեր պայքարի ճշմարտութիւնը»։