Արտակարգ իրավիճակներու նախարար.– «Սկզբնական գնահատականներով նախքան պայթումը «Սուրմալու»-ի տարածքին 4 թոն պայթուցիկ նիւթ կար»

 

Արտակարգ Իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետեւանքով Օգոստոս 17-ին ունինք 16 զոհ եւ երկու անհետացած։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ շէնքին մէջ, սկզբնական գնահատականներով, 4 թոն պայթուցիկ նիւթ կար, նախքան պայթումը։

Նշենք, թէ «Սուրմալու»-ի պայթումին զոհ գացած յղի Սիրարփի Խաչատրեանի, անոր 4-ամեայ մանչուկին եւ քրոջ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 18-ին։