Յունիս 3-ի իրիկունը, ազերպայճանական մերձիշխանական լրասփիւռները հաղորդած են, թէ Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի ծաւալուն հարցազրոյցը հրապարակելուն պատճառով Պաքու իր երկրի տարածքին արգիլած է Ռուսաստանի պետական լրատու գործակալութեան՝ «ՌԻԱ նովոստի»-ի կայքը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ սոյն հարցազրոյցը «կը հակասէ Ազերպայճանի և Ռուսաստանի միջեւ բարեկամութեան, անվտանգութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագրի եւ Դաշնակիցներու փոխադարձ գործակցութեան մասին հռչակագրի դրոյթներուն»։
Յիշեցնենք, որ «ՌԻԱ նովոստի»- Յունիս 3-ին հրապարակած էր Արցախի Պետական նախարարին հետ կատարուած հարցազրոյցը, ուր կայքէջը առանց վերապահումի յստակօրէն ձեւակերպած էր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պետական նախարար»: Հաւանաբար այս եզրոյթին օգտագործումն է, որ զայրացուցած է ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները:
Աւելի ուշ «ՌԻԱ նովոստի» դիմած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ պարզաբանում ստանալու նպատակով, որուն ի պատասխան այդ երկրին Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը ոչ միայն վերահաստատած է ազերպայճանական մամուլին տեղեկութիւնը, այլեւ նշած որ՝ հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած գաղափարները «կը սպառնան Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան»:
Արտակ Բեգլարեան անդրադառնալով ռուսական կայքի արգիլման հարցին՝ թելեկրամեան իր ալիքին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.-
«Սա հերթական օրինակն է, որ ադրբեջանական իշխանութիւնները որքան են վախենում ճշմարտութիւնից, քանզի այդ հարցազրոյցում ես ընդամէնը ներկայացրել եմ Արդբեջանի իրականացրած յարցագործութիւնները եւ յարձակողական գործունէութիւնը ո՛չ միայն ընդդէմ Հայերի, այլեւ Ռուսաստանի։ Ներկայացրել եմ նաեւ Արցախի ներկայի եւ ապագայի հետ կապուած իրավիճակը եւ մեր յստակ դիրքորոշումը՝ առանց որեւէ յարձակողական խօսքի և քարոզչական ձեւակերպումի»։
Նշենք, թէ Բեգլարեանի հարցազրոյցը «ՌԻԱ Նովոստի»-ն հրապարակած էր մաս առ մաս։ Այսպէս, ռուսական պետական գործակալութեան կողմէ Արցախի թեմայով եօթը նիւթ հրապարակուած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։