Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Արցախցիները բարձր կը գնահատեն Հայաստանի ու ամբողջ հայ ժողովուրդի` իրենց ցուցաբերած աջակցութիւնը:
ՀՀ իշխանութիւններու հանդէպ Արցախի մէջ առկայ բարձր անվստահութեան պատճառներու մասին հարցումին ի պատասխան՝ Պետական նախարարը, մասնաւորապէս, նշած է.-
“Թէ ինչու բարձր անվստահութիւն կայ Արցախում Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների հանդէպ, դրա առաջին պատասխանը պատերազմի թողած հետեւանքների բնական հակազդեցութիւնն է, իսկ երկրորդ պատասխանը՝ յետպատերազմեան հանրային հաղորդակցութեան այն շրջածիրն է, որը յաճախ տեղի է ունենում Արցախի շուրջ, Արցախին վերաբերող գործընթացներում, ու դա երբեմն լրացուցիչ անվստահութեան առիթներ է տալիս:
Եւ այնպէս չէ, որ պատերազմից յետոյ շատ հարթ է նաեւ վստահութեան ուղին Արցախի իշխանութիւնների հանդէպ: Դա էլ բնական հակազդեցութիւն է, թէեւ Արցախի իշխանութիւնների հանդէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների բաղդատմամբ, բաւական բարձր վստահութիւն կայ Արցախում։ Եւ այս տեսանկիւնից նկատելիօրէն մեծ ռազմավարական հաղորդակցութեան խնդիր կայ Արցախում ու Հայաստանում` իշխանութիւնների եւ հասարակութեան, իշխանութիւնների ու ընդդիմութեան, ընդդիմութեան ու հասարակութեան միջեւ: Ու, իմ կարծիքով, մենք ամբողջ ազգով այս պահին բաւական թոյլ դիրքերում ենք գտնւում, որովհետեւ պառակտուած է ամբողջ ազգը”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։