Search
Close this search box.

Արտակ Բեգլարեան.– «Եւրոմիութիւնը պէտք չէ մասնակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին»

Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ մասնակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։

“Նկատի ունենալով Մինսքի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափը եւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտ դերը՝ մենք կարծում ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը պէտք չէ Եւրոմիութեան համար բանակցութիւնների առարկայ դառնայ”,– ընդգծած  է նախարարը։

Ան աւելցուցած է, թէ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն այն պէտք չէ ընդգրկուի «Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի ներկայի բարդ յարաբերութիւններուն մէջ»։ Խնդիրը լուծելու համար արդէն գոյութիւն ունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափը, որ պատասխանատւութիւն կը կրէ հակամարտութեան կարգաւորման համար։

«Արցախը Հայաստանի հետ կը բանակցի ճանաչման համար, բայց տակաւին յառաջընթաց չկայ»

Նոյն հարցազրոյցի ընթացքին, Բեգլարեան նշած է, թէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Երեւանի հետ բանակցութիւններ կը վարեն Արցախի ճանաչման շուրջ, սակայն այդ հարցով տակաւին յառաջընթաց չկայ։

“Կարելի է հաստատել, որ Հայաստանը փաստացի ճանաչել է Լեռնային Ղարաբաղը, քանի որ Հանրապետութիւնների միջեւ հորիզոնական յարաբերութիւններ կան՝ հաւասարը հաւասարի հետ։

Մենք կը շարունակենք մեր ջանքերը հասնելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, որից յետոյ կարելի է քննարկել նաեւ Հայաստանի կազմում ընդգրկուելու հարցը”,– յայտարարած  է Բեգլարեան։