Search
Close this search box.

Արտակ Բեգլարեան. «Պաքու պահուող Արցախի նախկին ղեկավարները կը ստիպեն հարցազրոյց տալու.. սա յանցագործութիւն է»

Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան ահազանգ հնչեցուցած է, թէ Ազերպայճանի մէջ Ալիեւի ցեղասպան եւ բռնապետական վարչակազմը կրկին անգամ կը խախտէ միջազգային իրաւունքը։ Այդ երկրին իշխանութիւնները ոչ միայն առեւանգած են Արցախի ղեկավարները, այլեւ խոչընդոտ կը հանդիսանան գերեվարուածներուն օրինական պաշտպանութեան կարելիութեան:

Ան ընդգծած է, որ Արցախի նախկին ղեկավարները այժմ ալ կը ստիպեն հարցազրոյց տալու։

“Յանցագործութիւն է նաեւ պատանդներու օգտագործումը՝ քարոզչական եւ զանգուածային նուաստացման նպատակով”,– ըսած է Բեգլարեան։

Նշենք, թէ AzTV հեռատեսիլը «հարցազրոյց» կորզած է Պաքուի մէջ գերութեան մէջ գտնուող զօրավար, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանէն եւ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն։

AzTV-ի ծանուցումներէն յայտնի եղած է, որ հարցազրոյցները պիտի հրապարակուին՝ Արցախի մէջ 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններու եւ ցեղային զտման (զորս Ազերպայճան կ՚անուանէ յատուկ գործողութիւն) մասին պատմող ժապաւէնի ընթացքին, որ պիտի ցուցադրուի Մարտ 28, ժամը 20-ին։