Նոյեմբեր 16-ին, «Գաֆէսճեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարի կարկառուն ներկայացուցիչ, բեմագիր, դերասան եւ գրող Արտաւազդ Փելեշեանի «Դու ֆիլմեր արա ու լռիր» գիրքին շնորհահանդէսը, վարպետին ներկայութեան։
Հատորը հրատարակուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայ շարժարուեստի 100-ամեակի յոբելինական ծրագրերու շրջանակին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ ԿԳՄՄ-ի նախարար Ժաննա Անդրէասեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է․ “Այսօր հրաշալի առիթ ունենք առնչուելու սիրելի վարպետի մտքին ու խօսքին, որ հազուադէպ է, եւ հէնց դրանով էլ աւելի արժէքաւոր է դառնում ասուած ամէն մի բառ։ Շատ կարեւոր է արժեւորել մարդկանց, երբ նրանք այստեղ են՝ մեր կողքին։ Շնորհակալութիւն ձեզ տեսնելու, լսելու եւ ձեր ներկայութիւնը վայելելու այս գեղեցիկ առիթի համար”։
Նախարարուհին տեղեկացուցած է, թէ այժմ կը քննարկուին Արտաւազդ Փելեշեանի անունով շարժանկարի դպրոց հիմնելու հեռանկարները։
«Դու ֆիլմեր արա ու լռիր» գիրքին մէջ Փելեշեան կը ներկայացնէ իր մանկութեան, պատանեկութեան, երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս, իր ամբողջ կեանքի ու ստեղծագործական գործունէութեան վերաբերեալ յիշարժան դրուագներ:
Ներկաներուն հաճելի անակնկալ մատուցած է նաեւ հեղինակը, որ խախտելով լռութեան ուխտը պատմած է իր կեանքի նուիրական ու գեղեցիկ յուշերէն մէկը։
“Շատ տարիներ առաջ ես ապրում էի «Արմենիա» հիւրանոցում: Մի երեկոյ զանգ պատուիրեցի, որ զրուցեմ Փարաջանովի հետ: Երկար զրուցեցինք, շատ հարցեր քննարկեցինք, նոյնիսկ բամբասեցինք ստուդիայի ղեկավարութիւնից: Խօսեցինք աւելի քան մէկ ժամ, եւ երբ անջատեցի հեռախօսը, անմիջապէս զանգ ստացայ: Փոստի աշխատակցուհին էր, ասաց, որ չի կարող վճար վերցնել, քանի որ իմ եւ Փարաջանովի զրոյցի պէս բան կեանքում չի լսել: Նա խնդրեց ծանօթանալ ինձ հետ եւ յաջորդ օրը եկաւ հիւրանոց, որտեղ հանդիպեցինք: Մի առիթով էլ ասաց՝ եթէ ցանկանամ զանգել արտերկիր, նա անվճար խօսելու հնարաւորութիւն կը տայ: Ասացի, որ արտերկրի համարներ չունեմ”,– խանդաղատանքով վերյիշած ու պատմած է Փելեշեան:
Նշենք, թէ վարպետին յուշագրութիւններու ժողովածուն մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող աշխատանք մըն է, ուղղուած ընթերցասէր հանրութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։