Արցախէն բռնի տեղահանուածներու լուսանկարը ընդգրկուած է TIME ամսագրի՝ 2023-ի 100 լաւագոյն լուսանկարներու շարքին։
Լուսանկարին մէջ պատկերուած են Արցախցիներ, որոնք ստիպուած էին լքելու իրենց հայրենիքը՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին, Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու պատճառով։ Լուսանկարի հեղինակը Նաննա Հեյթմանն է (The New York Times/Redux):
«Կառքը Կոռնիձորէն կը փոխադրէ Լեռնային Ղարաբաղէն ժամանած գաղթականները․ Հայաստան․ Սեպտեմբեր 25»,– նշուած է լուսանկարի նկարագրութեան մէջ։
Մնացեալ լուսանկարները կարելի է դիտել այստեղ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։