Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Յունիս 21-էն 27 աշխատանքային այցով կը գտնուէր Ռուսաստան։
Մոսկուայի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ Արցախի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է քաղաքական, տեղեկատուական, հասարակական, գիտակրթական շրջանակներու, Ռուսաստանի հայ համայնքի և Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ։
Քննարկուած են տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական գործընթացներուն մէջ Արցախի դերին, ազերպայճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման առնչուող հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։