«Արցախփրէս»-ի համաձայն՝ Արցախի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները՝ ՀՅԴ-ն, «Արդարութիւն»-ը եւ «Ժողովրդավարական կուսակցութիւն»-ը առաջադրած են Արցախի Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:
Միւս կողմէ, «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան երեսփոխան Արեւիկ Պետրոսեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին տեղեկացուցած է, թէ իրենց թեկնածուն եւս Սամուէլ Շահրամանեանն է։ Վերջինս Ազգային ժողովի նշեալ չորս ուժերուն հետ Սեպտեմբեր 5-ին հանդիպում ունեցած է։
Ըստ Արցախի Սահմանադրութեան՝ նախագահը խորհրդարանին կողմէ կ՚ընտրուի երեսփոխաններուն 2/3 ձայներով։ Առաջին փուլին նախագահ չընտրելու պարագային ամէնէն շատ քուէ ստացած երկու թեկնածուները կ՚անցնին երկրորդ փուլ. այն ատեն արդէն ընտրութիւնը կը կատարուի ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։