Արցախի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ.–«Պաշտպանութեան բանակից հրաժարուելը կարող է նոր 1915 թուական բերել Արցախի ժողովրդի համար» 

Պաքու պարբերաբար կը պահանջէ Արցախէն քաշել հայկական զինուած ուժերը, վերջին անգամ՝ Արտաքին գործոց նախարար Պայրամով Օգոստոս 9-ին ձեւակերպած է իր ակնկալիքը՝ ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Արցախի Պաշտպանութեան բանակը։

Անդրադառնալով այս հարցին՝ «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ զրոյցին Արցախի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Սեյրան Հայրապետեան յայտարարած է թէ՝ «Արցախը զինուած ուժերէ հրաժարելու ծրագրեր չունի»։

“Պաշտպանութեան բանակից հրաժարուելը հաւասարազօր է դաւաճանութեան, Պաշտպանութեան բանակից հրաժարուելը կարող է նոր 1915 թուական բերել Արցախի ժողովրդի, ինչպէս նաեւ հետագայ զարգացումներով՝ ողջ Հայաստանի համար։ Ադրբեջանը չի սահմանափակւում”,– ընդգծած է Հայրապետեան:

Խմբագրական