Search
Close this search box.

Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարները քննարկած են նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ միջոցները

 

Սեպտեմբեր 6-ին, Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած կացութիւնը քննարկելու նպատակով։

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց, Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեան, Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեան, ուժային կառոյցներու եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները, Ստեփանակերտի քաղաքապետը:

Ազերպայճանի հետ շփման գօտիին մէջ տիրող կացութեան եւ Արցախի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ապահովման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցներու մասին զեկուցած է Պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեան:

Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար նախաձեռնուող անհրաժեշտ քայլերը:

Ներկաները անդրադարձած են նաեւ յառաջիկայ ներքաղաքական կարեւոր իրադարձութեան՝ Ազգային ժողովին կողմէ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին: Դաւիթ Իշխանեան շեշտած է ստեղծուած բարդ ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական աղէտի պայմաններուն մէջ սահմանադրական գործընթացներուն անթերի եւ անցնցում կազմակերպման կարեւորութիւնը: ■