Search
Close this search box.

Արցախի Բռի Եղցի վանական համալիրի տարածքին խաչքար եւ տապանաքար յայտնաբերուած է

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի օրհնութեամբ, Յուլիս 21-ին Արցախի հնագոյն պատմամշակութային վայրերէն մէկուն՝ Բռի Եղցի վանական համալիրին մէջ, կատարուած են մաքրութեան աշխատանքներ։

 

Օրհնաբեր այս գործողութիւնը իրականացած է Արցախի թեմի, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի երիտասարդաց միութեան անդամներու միասնական ջանքերով եւ Տիկին Վիրճինիա Տեյվիսի ու Save Armenian Monuments կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ։ Մաքրութեան աշխատանքներուն միացած են նաեւ Հացի գիւղի երիտասարդները՝ գիւղապետի գլխաւորութեամբ։

 

Վանական համալիրի տարածքը բուսածածկոյթէն ու հողածածկէն մաքրելու ընթացքին բացայայտուած է մէկ խաչքար ու մէկ տապանաքար՝ իրենց արձանագրութիւններով։