Search
Close this search box.

Արցախի թեմի առաջնորդը արցախցիներուն յորդորած է ըլլալ միասնական ու անկոտրում

 

Յունիս 19-ին, Արցախի հայոց թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեան՝ Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հանդիպում ունեցած է արցախահայութեան հետ։

Սրբազան հայրը օրհնութեան ու գօտեպնդման խօսքեր ըսած է ներկաներուն՝ յորդորելով ըլլալ միասնական ու անկոտրում։

Հանդիպումին ելոյթ ունեցած են նաեւ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան:

Աւարտին ներկաները առիթ ունեցած են ներկայացնելու զիրենք յուզող բոլոր այն հարցերը, որոնց այսօր դէմ-յանդիման կը գտնուի արցախահայութիւնը: