Սեպտեմբեր 15-ին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, Միջազգային Քրիստոնէական համերաշխութիւն (CSI) կազմակերպութեան եւ բարեսիրական «HART-Humanitarian Aid Relief Trust» կազմակերպութեան անդամներուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական, յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Ազատուհի Սիմոնեան:
Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնն ու երախտիքի խօսքը հաղորդած է Արցախի ժողովուրդի հաւատարիմ բարեկամ պարոնուհի Քոքսին եւ բոլոր ներկաներուն՝ Արցախի հարցով մտահոգուած ըլլալնուն համար:
Հիւրերը հետաքրքրուած են Արցախի բռնագրաւուած պատմամշակութային յուշարձաններու ճակատագրով, Հայ Առաքելական եկեղեցիներու պղծումով և Ազերպայճանի կողմէ նոյն եկեղեցիներու աղուանացման քաղաքականութեամբ:
Քննարկուած են Արցախի թեմին հետ հետագայ համագործակցութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան ծրագրերու իրագործման վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։