Search
Close this search box.

Արցախի թեմի առաջնորդին հանդիպումը արցախցի ծնողներու հետ

 

Օգոստոս 5-12, Արցախի թեմը՝ Գուգարաց թեմի հետ միասնաբար կազմակերպած է ճամբար, որուն մասնակցած են շուրջ 100 արցախցի երեխաներ:

Օգոստոս 12-ին, Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Վանաձորի «Ծիծեռնակ» ճամբարին մասնակցած երեխաներու ծնողներուն հետ: Սրբազան հայրը օրհնած է ներկաները եւ վստահեցուցած, թէ Եկեղեցին` Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, կանգնած է արցախահայութեան կողքին:

Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, որու անմիջական ջանքերով կարելի դարձած է ճամբարի կազմակերպումը: Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ֆրանսահայերը ամէն ջանք կը գործադրեն, որ այս դժուար օրերուն ըստ կարելւոյն թեթեւցնեն արցախահայութեան հոգերը: