Արցախի խորհրդարանականները հանդիպում ունեցած են խաղաղապահներու ղեկավարութեան հետ

 

Օգոստոս 23-ին, Արցախ խորհրդարանական 5 ուժերու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութեան հետ։

Արցախի Ազգային ժողովը այս առթիւ Դիմագիրքի իր պաշտօնական էջին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-

«Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութեան խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի՝ վերջերս կատարած յայտարարութիւնն էր թէ՝ “Ռուս խաղաղապահները սանթիմեթր մ՚իսկ չեն շարժիր Լաչինի ներկայի միջանցքէն, քանի տակաւին նոր ճամբան չէ կառուցուած”, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ազերպայճանի կողմէ հրադադարի յաջորդական խախտումն ու անվտանգային հարցերը։ 

Հանդիպումին վերոնշեալ հարցերու շուրջ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներու կողմէ տրուած են պարզաբանումներ։ Մասնաւորապէս յղում ընելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան՝ նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին անվտանգային բոլոր բաղադրիչները՝ սկսած 5 քիլոմեթրնոց անվտանգութեան գօտիէն մինչեւ ռուս խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայումը»։

Խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութիւնը նաեւ յայտնած է, որ Օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած դէպքերու առնչութեամբ կատարուած են անհրաժեշտ եզրայանգումներ։ Անոնք վստահեցուցած են, որ յաւելեալ ջանքեր կը գործադրուին՝ ապագային նման խախտումները կանխելու և բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովելու համար։

Խմբագրական