Search
Close this search box.

«Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւն՝ «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ

 

Սեպտեմբեր 24-ին, «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ան նուիրուած է Արցախեան բոլոր պատերազմներուն նահատակուած եւ 2023-ի պայթումին Արցախի մէջ յուղարկաւորուած զոհերու յիշատակին:

Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի նախագահը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիներու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներ, հայրենակիցներ:

Արցախի հայաթափումէն մէկ տարի ետք Արցախի հողին մէջ ննջող պայքարի նուիրեալներու հարազատներուն համար սա մխիթարանքի վայր մը պիտի ըլլայ, ուր անոնք պիտի կարողանան խնկարկել եւ մոմ վառել իրենց զոհերու յիշատակին։

Օրհնութեան կարգ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:

“Մեր արժանապատւութիւնը եւ համայն հայութեան խաչը այսօր Արցախն է, որը գերեվարուած է: Այսօր ինքներդ մտածէք, թէ ինչ է պէտք Արցախը գերութիւնից ազատելու համար, որպէսզի նորից ազատագրենք մեր արժանապատւութիւնը: Իմ թիկունքին կանգնեցուած է երկու դրօշ՝ Հայաստանի եւ Արցախի: Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունենայ, այլեւ կարողանայ իրականացնել իր առաքելութիւնը: Ուստի ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանում լինի լիարժէք՝ իր օրէնսդիր ու գործադիր բոլոր կանոններով: Արցախը պէտք է տեսանելի լինի թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ միջազգային հանրութեան համար”,– յայտարարած է Առաջնորդ սրբազան հայրը: