Search
Close this search box.

Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցը

Սեպտեմբեր 19-ին ճիշդ ու ճիշդ տարի մը պիտի ըլլայ, որ հայոց պատմութեան նորագոյն սեւ էջը սկսաւ գրուիլ։ Արդարեւ, 2023 Սեպտեմբեր 19-ին էր որ կը սկսէր ազերպայճանական կայծակնային յարձակումը Արցախի վրայ,– համաշխարհային ընդհանուր անտարբերութեան մէջ, ինչպէս անոր նախորդած՝ 10-ամսեայ միջնադարեան բարբարոսութիւններու ոչինչով զիջող՝ անմարդկային շրջափակման ընթացքին– միակ նպատակ ունենալով ցեղային զտումը, մնացած 120.000 հայերու արտաքսումը իրենց հազարամեայ պապենական հողերէն։ Տարի մը ետք՝ երէկուան նման ինչպէ՞ս չյիշել այդ բռնի տեղահանման աւելի քան սրտաճմլիկ դրուագները, ապրուած ողբերգութիւնները… հայրենիքի կորուստը։

Այո՛, արդէն անցած է տարի մը եւ այսօր դժբախտաբար շօշափելի ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է անարդարութիւնը սրբագրելու (եթէ կարելի է գործածել այս եզրը, նկատի ունենալով անսրբագրելի վնասները, անդարձ կորուստները) ուղղութեամբ։ Իսկ տասնեակներով հայորդիներ, ի շարս որոնց Արցախի նախկին ղեկավար դէմքեր, կը շարունակեն անարդարօրէն գերի պահուիլ փտած երկրի մը ամուր ճաղերուն ետին։ 

***

Այս առթիւ, Արցախի զօրակցութեան ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ ֆրանսական «Destins Liés» ընկերակցութեան՝ Փարիզեան շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենայ ոգեկոչման երեկոյթ մը Սեպտեմեր 19, ժամը 18.30-21.00, հետեւեալ հասցէին՝ 

6 Rue Auguste Gillot, 93200 Saint-Denis (le SAS by GHETTUP) 

***

Պրիւսէլի մէջ երաժշտական երեկոյթ նուիրուած՝ Արցախի եւ արցախահայութեան

Սեպտեմբեր 13-ին, Պրիւսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին իր դռները բացած է յիշատակի եւ յոյսի երաժշտական երեկոյթի մը համար՝ նուիրուած Արցախի հայաթափման Ա. տարելիցին։

Ներկայ եղած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։ Վերջինս ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նշած է, թէ հայաթափուած Արցախը վտանգի ենթարկուած հազարամեայ ժառանգութիւն է՝ հինգ հազար պատմամշակութային կոթողներով։

“Այսօր ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ Արցախը հայաթափուած է, մեր պատմական կոթողները վտանգի տակ կը գտնուին։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ քրիստոնէութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կը սկսի ու կը վերջանայ Հայաստանով ու Արցախով։ Արցախի ժողովուրդը ձգած է հազարամեակներու մեծ ժառանգութիւն։ Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ հայաթափումէն դեռ տարի մը չանցած՝ Ազերպայճան ոչնչացուցած է այդ կոթողներու տասը տոկոսէն աւելին։ Այսօր ոեւէ մէկը՝ ներառեալ միջազգային կառոյցները, կարելիութիւն չունին այցելելու եւ տեղւոյն վրայ տեսնելու իրավիճակը։

Այս աշխարհաքաղաքական տարածքի միւս կարեւոր արժէքը արցախցիներն են։ Անոնք պարտադրաբար լքած են իրենց հայրենիքը եւ այսօր կ՚ապրին Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ։ Արցախցին հազարամեայ մշակոյթի, բարբառի ու աւանդութիւններու ժառանգորդն է, որոնք այսօր վտանգի տակ են։

Արցախցիները կ՚ուզեն վերադառնալ իրենց հայրենի հողը, միայն մէկ պայմանով՝ չգտնուիլ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ եւ ունենալ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ։ Մեր ժողովուրդը տեղահանուած ու ցեղասպանուած է եւ ունի վերադառնալու բոլոր իրաւունքները”,– նշած է Արցախի առաջնորդ սրբազան հայրը։

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցած են դաշնակահարուհի Լոռանս Անահիտ Մխիթարեան, օփերայի երգչուհի Մարիա Ապաժան-Շապեր եւ դուդուկահար Վարդան Յովհաննիսեան։

Երեկոյթին ներկայ եղած են պելճիքահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, պելճիքացի քաղաքական ու հասարակական գործիչներ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Գերմանիոյ «Մունք» նախաձեռնութեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ՀԲԸՄ-ի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի թեմի եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու ընդհանուր ջանքերով։