Սեպտեմբեր 5-ին, Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը տեսանիւթ մը հրապարակած է ազերպայճանական բանակի տեղաշարժի մասին, ընդգծելով, թէ շփման գօտիին մէջ արձանագրուած է հակառակորդի մեծաքանակ ռազմամթերքի կուտակում։
Ինչպէս յայտնի է, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն շարունակաբար կը հրապարակէ ապատեղեկատւութիւն՝ հող նախապատրաստելով իր յաջորդական յարձակումներուն համար։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։