Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրին կը զետեղուի Ստեփանակերտի իր անունով դպրոցի բակին մէջ 

 

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեան թիւ 2 դպրոցի բակին մէջ շուտով կը զետեղուի հերոսի կիսանդրին։ Լուրը հաղորդած է կրթօճախի տնօրէնուհի Լաուրա Մարտիրոսեան։

Ան նշած է, թէ դպրոցը ունի 1.100 աշակերտ, որոնցմէ 150-ը տեղահանուած ընտանիքներու զաւակներ են։