Ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեային Արցախի մէջ արձանագրուած է 864 ծնունդ, որ 2021-ի նոյն ժամանակաշրջանի բաղդատմամբ, աւելցած է 204-ով կամ 131 տոկոսով:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան բաժնի պետ Լիլիա Պետրոսեան։
“Ծնած նորածիններու կարգին գերակշռած են մանչերը՝ կազմելով 53,6 տոկոս: Ամէնէն տարածուած արական անուններն են՝ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ, իսկ իգականները՝ Մանէ, Մարիա, Եւա”,– նշած է ան։
Պետրոսեան աւելցուցած է, թէ նախորդ տարուան բաղդատմամբ 22,5 տոկոսով նուազած է արձանագրուած մահերու թիւը: Հետեւաբար այս տարուան առաջին կիսամեային Հանրապետութեան բնակչութեան բնական աճը կազմած է 372 հոգի:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։