Արցախի մէջ երկօրեայ սուգ յայտարարուած է

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ստորագրած հրամանագրով՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին Արցախի մէջ Օգոստոս 17-18-ին երկօրեայ սուգ յայտարարուած է։

Հանրապետութեան պետական բոլոր գերատեսչութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներուն յանձնարարուած է սգոյ օրերուն՝ երկրի տարածքին եւ օտար երկիրներու Արցախի ներկայացուցչութեանց մէջ խոնարհել Արցախի պետական դրօշը: