«Արցախի արդի մարտահրաւէրները․ Բերձորի յանձնում, նոր պատերա՞զմ» խորագրով հանրային-մասնագիտական քննարկման ընթացքին Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարած է, թէ այս պահուն Բերձորի ու միւս համայնքներու բնակիչներու տեղահանման ուղղութեամբ աշխատանք չի տարուիր։
Ան նշած է, թէ նախորդ օր կապ հաստատած այդ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ բնակչութեան տեղահանուելուն առնչուող տեղեկութիւններ չկան։
“Առաջին հերթին հէնց Արցախի իշխանութիւնները պէտք է տէր կանգնեն իրենց բնակիչներին եւ հնարաւոր չեմ համարում, որ լինի իրավիճակ, որ այդ մարդիկ պատանդառութեան մէջ յայտնուեն։ Այս առումով քայլեր են ձեռնարկւում”,– ըսած է իրաւապաշտպանը։
Ըստ Ստեփանեանի՝ թէ՛ Բերձորի, թէ՛ Աղաւնոյի բնակիչները կ՚օգտուին այն նոյն արտօնութիւններէն, որոնք սահմանուած են տեղահանուածներուն համար։
“Ես որոշ տեղեկություններ ունեմ, որ հնարաւոր տարբերակների մէջ քննարկւում է,– եթէ ի վերջոյ հարցը հասնի դրան,– Աղաւնոյի բնակիչներին տեղաւորել Հին Շէն եւ Մեծ Շէն համայքներում, իսկ Բերձորի բնակիչների ուղղութեամբ գործելու են այն նոյն ծրագրերը, որ գործում են միւս տեղահանուածների համար։ Հնարաւոր է նրանց բնակարաններ յատկացուեն Հայաստանում։ Այս պահին հարցերը շատ են”,– ընդգծած է Արցախի ՄԻՊ-ը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։