Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան համաժողովի բացման իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.-
“Այսօր հայ ժողովրդի առջեւ ծառացած են այնպիսի լրջագոյն խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ, որոնց լուծման ու դիմագրաւման համար անհրաժեշտ է ողջ համազգային ներուժի ու ջանքերի համատեղում, միաւորում մէկ գաղափարի շուրջ: Այդ գաղափարը Հայոց անկախ պետականութեան ամրապնդումն ու զօրացումն է, ինչի առանցքային գրաւականը միշտ եղել է Հայաստան–Արցախ–Սփիւռք կուռ եռամիասնութիւնը: Դրա փոքր իսկ թուլացումը կարող է բերել աղէտալի հետեւանքների: Ուստի, խիստ կարեւոր է այս եռամիասնութեանը վերաբերուել որպէս արժէքների ու շահերի անքակտելի ամբողջականութեան”:
Խօսելով ազգային շահերու պաշտպանութեան ու համահայկական համախմբման անհրաժեշտութեան մասին՝ Յարութիւնեան յայտնած է, որ Արցախահայութիւնը, ակնկալելով համազգային անվերապահ աջակցութիւն բոլորիս Հայրենիքի մէկ կարեւոր հատուածը պահպանելու և զարգացնելու գործին մէջ, վճռականօրէն կը շարունակէ իր պայքարը՝ ապրելով Արցախի մէջ: “Ուժեղ Հայաստանին, Արցախին ու Սփիւռքին այլընտրանք չկայ: Սա պէտք է լինի մեր յստակ ու անկասելի ուղերձն աշխարհին”,– իր ելոյթին ընդգծած է Արցախի նախագահը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։