Search
Close this search box.

Արցախի նախագահը ընդունած է « SOS Chrétiens d’Orient » կազմակերպութեան պատասխանատուները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 1-ին ընդունած է Արեւելքի քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպան « SOS Chrétiens d’Orient » կազմակերպութեան պատասխանատուները: Վերջիններս հաղորդած են Արցախի մէջ իրենց մարդասիրական ծրագրերը, մասնաւորապէս՝ Մարտակերտ քաղաքի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի Հայորդաց տան վերանորոգման աշխատանքները ամբողջութեամբ գանձատրելու, ինչպէս նաև գիւղական համայնքներու մէջ ընկերա-տնտեսական շարք մը նախագծեր իրագործելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնը եւ նշած, թէ նման ծրագրեր մեծապէս կը նպաստեն պատերազմի հետեւանքով գոյացած դժուարութիւնները աւելի արագ յաղթահարելու գործընթացին:

Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան և Յակոբավանք վանական համալիրի վանահայր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեան: