Հայաստանի քննչական կոմիտէի Արաբկիր շրջանի բաժնին մէջ քննութիւն կը կատարուի՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին դիմաց խումբ մը անձերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խուլիգանութեան, բռնութեան գործադրման, ինչպէս նաեւ՝ յափշտակութեան հանգամանքները բացայայտելու համար։
Առ այդ 10 անձերու ձերբակալութեան որոշում կայացուած է։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։