Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ շինծու մեղադրանքներով յարուցուած գործերու այսպէս կոչուած «հետաքննութիւնը» աւարտած է եւ թղթածրարները յառաջիկայ օրերուն կը ղրկուին դատարան։
“Սա պահուս մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժողները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն, այնուհետեւ մեղադրական եզրակացութիւնը կը ներկայացուի դատարան”,– յայտնած է Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ։ Վերջինս խօսած է անօրէն կերպով ձերբակալուած 15 բանտարկեալի մասին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։