Search
Close this search box.

Արցախի փոխնախարար.– «Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն փոխադրուած կոթողներն իրենց ուրոյն տեղը կ՚ունենան Հանրապետութեան մէջ» 

Արցախի հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան «Արցախփրէս»-ի թղթակցին յայտնած է թէ՝ Քաշաթաղի Բերձոր, Աղաւնոյ, Ներքին Սուսի բնակչութեան տեղահանութեան զուգահեռ,  կը շարունակուի նաեւ յուշարձաններու փոխադրութեան գործընթացը: Ան նշած է, թէ մշակութային ժառանգութիւնը կը ներառէ խաչքարեր, յուշակոթողներ, տապանաքարեր, թանգարանային ցուցանմուշներ եւ գրադարաններու գիրքերը: Ան մասնաւորապէս ընդգծած է Աղաւնոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 11-12-րդ դարերուն պատկանող խաչքարը։

Ըստ փոխնախարարին՝ արդէն ամբողջութեամբ փոխադրած են Բերձորի քաղաքային գրադարանի գիրքերը: Շուրջ երկու տասնեակէ աւելի կոթող փոխադրուած է, նոյնքանն ալ՝ ընթացքի մէջ է։ Ան հաւաստած է, որ ամբողջ գործընթացը իր աւարտին պիտի հասնի նախատեսուած ժամանակին:

Փոխնախարարը աւելցուցած է, թէ փոխադրուած կոթողները Ստեփանակերտ կամ այլ բնակավայրերու մէջ տեղադրելու վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ ստացած են։

“Չի բացառւում, որ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր մայր տաճարի, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիի տարածքներում այդ նպատակով ստեղծուեն համապատասխան պուրակներ: Յամենայն դէպս, Բերձորից, Աղաւնոյից եւ Ներքին Սուսից փոխադրուած յուշարձաններն իրենց ուրոյն տեղը կ՚ունենան Հանրապետութիւնում”,– յայտնած է Լ. Յովհաննիսեան։