«Արցախփոստ» անցեալ Յունիս 17-էն շրջանառութեան մէջ դրած է «Մեծանուն հայեր. Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակը» անուանումով դրոշմաթուղթը։
«Արցախփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին տեղեկացուցած են «Արցախփոստ»-էն՝ մանրամասնելով, որ 12.000 հազար տպաքանակով հրապարակուած դրոշմաթուղթին պատկերուած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը՝ «Ամբոխները խելագարուած» գեղանկարի խորապատկերին: Անուանական արժէքը 120 ՀՀ դրամ է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։