ԱՐՑԱԽ – Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 2-ին տեղի կ՚ունենան հանրային ձեռնարկներ

 

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով, Ազգային ժողովի բոլոր՝ հինգ խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 2-ին տեղի կ՚ունենան հանրային ձեռնարկներ:

Այս կապակցութեամբ, Արցախի Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.-

«Այդ օրը` ժամը 17.30-ին, Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակից բոլոր քաղաքացիներին եւ մայրաքաղաքի հիւրերին հրաւիրում ենք քայլերթի, իսկ ժամը 19-ին Վերածննդի հրապարակում տեղի կ՚ունենայ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման:

Արցախի ժողովուրդը հաւատարիմ է իր զաւակների արեամբ հաստատուած, հազարաւոր նուիրեալների յամառ աշխատանքով ու քրտինքով կերտուած ինքնիշխան պետականութեանը: Մասնակցելով երթ-հանրահաւաքին, մենք միանում ենք ազատութեան համար շարունակուող պայքարին՝ աշխարհին ի ցոյց դնելով մեր միասնականութիւնը եւ մեր իրաւունքներին տէր կանգնելու կամքն ու վճռականութիւնը:

Անկախ Արցախը՝ հայկական Արցախ ունենալու հիմնական երաշխիքն է»:

Խմբագրական