ԱՐՑԱԽ – Ազերպայճանցի փորձագէտները ստուգումներ կատարած են Սարսանգի ջրամբարին մէջ

 

Օգոստոս 22-ին, «Ազերպայճանի վերամշակում եւ ջրային տնտեսութիւն» ընկերութեան ներկայացուցիչները, տեղական փորձագէտներու մասնակցութեամբ, ստուգումներ կատարած են Սարսանգի ջրամբարին մէջ։

ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ ստուգման նպատակը՝ ջրամբարի թեքնիք դիտարկումն էր, ներկայ իրավիճակին ծանօթանալը, Թարթառ գետէն եկող եւ ջրամբարին մէջ հոսող ջուրին ժամանակացոյցի ճշդումը եւ այլն:

Աղբիւրը նշած է, որ «հանդիպումն ու բանակցութիւնները տեղի ունեցած են փոխըմբռնման եւ շինիչ պայմաններու մէջ»։ Ըստ լրասփիւռին՝ համաձայնութիւն գոյացած է հետագային նոյն վայրին մէջ շարունակելու հանդիպումներն ու այցելութիւնները:

Նշենք, որ Սարսանգի ջրամբարը կը գտնուի Արցախի հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Այս այցելութիւնը հանրութեան մէջ որոշ մտահոգութիւններու եւ իշխանութիւններու հանդէպ քննադատութեան պատճառ դարձած է։

Արցախի Տեղեկատուական գրասենեակի բացատրութիւնը

Ստեփանակերտ Օգոստոս 24-ին հաստատելով այցելութեան լուրը, հրապարակած է այդ կապակցութեամբ Տեղեկատուական գրասենեակի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։

«Հանրութեան մատակարարուող խմելու ու ոռոգման ջրի անվտանգութեան ապահովման նպատակով, Արցախում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ, Ջրային կոմիտէի ներկայացուցիչները դեռեւս 2021 թուականից շփւում են ադրբեջանական կողմի հետ եւ պարբերական այցեր են կատարում Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածներ։

Այդ շրջանակներում հերթական հանդիպումը կազմակերպուել էր Սարսանգի ջրամբարի մօտ՝ ջուրի փոխշահաւէտ օգտագործման հարցի քննարկման նպատակով: Տեղում մտքեր են փոխանակուել ջրային աղբիւրների բանական օգտագործման հնարաւոր տարբերակների շուրջ՝ հաշուի առնելով Սարսանգի ջրամբարի հանդէպ Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութիւնը, իսկ ոռոգման ենթակառուցուածքների հանդէպ՝ ադրբեջանական վերահսկողութիւնը: Առաջիկայում քննարկումները կը շարունակուեն եւ որոշումներ կը կայացուեն Արցախի Հանրապետութեան շահերից ելնելով՝ հիմք ընդունելով ե՛ւ ելեկտարական ուժանիւթի արտադրութեան, ե՛ւ Սարսանգի հատուածում ոռոգման կարիքները, ինչպէս նաեւ խմելու եւ ոռոգման ջրի հետ կապուած կարիքները Հանրապետութեան այլ հատուածներում։

Թէեւ ըմբռնումով ենք մօտենում Արցախի Հանրապետութեան պետական մարմիններին ուղղուած քննադատութիւններին, այդուհանդերձ, ցանկանում ենք յայտնել, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ իրադարձութիւն թաքցնելու նպատակ չեն հետապնդում, առաջնորդւում են բացառապէս Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախցու շահերով՝ ստեղծուած իրավիճակում նրբանկատօրէն ձեռնարկելով հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ պետութեան եւ հանրութեան անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու, լարուածութիւն ծնող երեւոյթները չէզոքացնելու ուղղութեամբ»։