ԱՐՑԱԽ. Ամարասի մէջ պատարագ մատուցուած է՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու յայտնաբերման» տօնին առթիւ

 Յուլիս 2-ին, Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու յայտնաբերման» տօնը:

Այս առթիւ Արցախի՝ Ամարասի վանական համալիրին մէջ Ճարտարի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հովիւ  Մխիթար քհնյ. Հարոյեանի ձեռամբ պատարագ մատուցուած է: Պատարագին մասնակցած են բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք աղօթած եւ սուրբ հաղորդութիւն ստացած են: