Search
Close this search box.

ԱՐՑԱԽ. «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարը

Յուլիս 22-ին տեղի ունեցած է «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Ճամբարը կազմակերպուած է ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ծրագրի շրջանակին մէջ՝ Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Հիմնական նպատակը՝ պատանիներու նախազօրակոչային պատրաստութիւնն է, որ կը ներառէ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, զինուորական ծառայութեան նախապատրաստման եւ առողջութեան ամրապնդման աշխատանքներ. պիտի  ներկայացուին մշակութային ու մարզական ձեռնարկներ:

Ճամբարին կը մասնակցին Արցախի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու 11-րդ դասարանի պատանիներն ու արհեստագործական եւ միջին մասնագիտական հաստատութիւններու երկրորդ դասարանի ուսանողները:

Պատանիներն ու երիտասարդները առիթ կ՚ունենան այցելելու զօրամասեր եւ ծանօթանալու ռազմական սարքերուն, զինուորներու առօրեային ու կենցաղին:

Մասնակիցները նաեւ կ՚այցելեն Արցախի պատմամշակութային վայրեր, հանդիպումներ կ՚ունենան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Արարողութեան ներկայ եղած են Պետական նախարար Ա. Բեգլարեան եւ ԿԳՄՄ նախարար Ա. Յակոբեան, որոնք ողջունած են մասնակիցները եւ ծանօթացած՝ ճամբարի պայմաններուն ու առօրեային։