Search
Close this search box.

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Բարբարոսները արդէն քանդած են Խորհրդարանի շէնքը

Բարբարոս Ազերիները արդէն ամբողջութեամբ քանդած են Ստեփանակերտի «Վերածննունդ» հրապարակին վրայ գտնուող Արցախի խորհրդարանի շէնքը, որու փլուզման նկարներն ալ կը ցուցադրեն անթաքոյց հպարտութեամբ։

Երեւոյթը զգացականէն անդին՝ կը մղէ խորհրդածելու երկու ազդակի մասին. հայկական ինքնութիւն եւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ։

Այս քայլով՝ Ալիեւի վարչակարգը մէկ հարուածով երկուքը մէկէն կը վերացնէ։

Եւ դեռ ըսել, որ Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտման նախօրեակին եւ ընթացքին՝ Պաքուէն կոչեր կ՚ըլլային, որ փափաքող Հայերը կրնան մնալ, թէկուզ ընդունելով Ազերպայճանի քաղաքացի դառնալ։

Մնալ հո՞ն, որ դարաւոր հայրենիքդ է, բայց ինկած՝ բարբարոսներու ձեռքը, որոնք ազգիդ պատկանող ոչ մէկ բան կը հանդուրժեն՝ խաչքար, յուշարձան, գերեզման, եկեղեցի եւ հիմա ալ շէնքեր…։

***

Այս մասին Ժ.-Ք. Պիւիսոն, X ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ տեղադրած յաջորդական երկու պատգամով լաւագոյնս կը նկարագրէ երեւոյթը.

«Հայկական ինքնութեան բոլոր հետքերու մեթոտական ոչնչացումը՝ 2500-ամեայ հայկական հայրենիք Արցախի մէջ կը շարունակուի։ Ազերպայճանցիները քանդած են Ազգային ժողովի շէնքը։ Կրկնակի հարուած. անոնք նաեւ կը ջնջեն Հայոց ժողովրդավարութեան փարումի խորհրդանիշը»։

***

«Արցախի հայկական ինքնութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներուն փարումը խորհրդանշող վայրերու այս աւերումները արդարացնելու Ազերպայճանցիներու պատճառաբանութիւնը. “Շէնքը չէր համապատասխաներ ճարտարապետական ​​պահանջներուն”։ Կրնայինք ծիծաղիլ, եթէ երեւոյթը այդքան ողբերգական չըլլար»։