ԱՐՑԱԽ – Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ մատուցուած է

Օգոստոս 18-ին, Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ և արժանապատիւ Տէր Բենիամին քահանայ Ծատուրեանի ձեռամբ, Սուրբ պատարագ մատուցուած է:

«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին առաջնորդ Սրբազան հայրը ընդգծած է՝ Աստուծոյ պարգևածը բազմացնելն ու յաջորդ սերունդին փոխանցելու կարեւորութիւնը, որ անհրաժեշտ է իրականացնել ունեցածի նկատմամբ պարտաճանաչ ու բարի վերաբերումով: