Օգոստոս 30-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պատասխանելով հանրահաւաքի մասնակցիներու հարցումներուն՝ Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յայտարարած է, թէ «ազերպայճանցի գաղթականներու վերադարձի» մասին շշուկները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին:
Ան նշած է, որ Արցախի իշխանութիւններու օրակարգին վրայ ո՛չ միայն նման հարց գոյութիւն չունի, այլեւ առաջնահերթ կը մնայ 2020-ի պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր տեղահանուած քաղաքացիները բնակարաններով ապահովելու եւ անոնց ընկերա-տնտեսական դժուարութիւնները լուծելու հսկայական աշխատանքը:
“Անընդունելի ենք համարում այս դժուարին ժամանակաշրջանում հանրութեան մէջ նմանօրինակ պառակտիչ ու սադրիչ բամբասանքների տարածումը: Առանց այն էլ ունենք բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, անվտանգային հարցեր, որոնց անցնցում լուծելու ողջ բեռն ու պատասխանատւութիւնն առաջին հերթին կրում են իշխանութիւնները: Բայց առկայ մարտահրաւէրները յաջողութեամբ յաղթահարելու համար պէտք է բոլորս միասին կենտրոնացնենք մեր ուժերը, ընդունենք, որ միայն մէկս-միւսի աջակցութեամբ կարող ենք ապահովել մեր ազգային ու պետական շահերը”,– ընդգծած է Ա. Բեգլարեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։