Արցախի հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է թէ՝ մինչեւ Օգոստոս 25 կարելի է արագ եւ ժամանակին կազմակերպել Աղաւնոյի, Բերձորի եւ Սուսի բնակչութեան տեղահանութիւնը, եւ այդ առումով հարցերը կը լուծուին միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, անհրաժեշտ պարագային՝ նաեւ պետութեան օգնութեամբ։ Ան ըսած է, թէ այդ ընթացքին Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի նախարարութիւնը կ՚իրագործէ պատմամշակութային ժառանգութիւնը այդ վայրերէն դուրս հանելու աշխատանքը։
Պատասխանելով Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ճանապարհով երթեւեկութիւնը կազմակերպելու առանձնայատկութիւններու եւ դրացնութեամբ կառուցուող նոր ենթակառոյցներու վերաբերեալ հարցումին՝ նախարարը մանրամասնած է, որ նոր երթուղին կը սկսի Տասը Վերստ բնակավայրէն, ապա կ՚անցնի՝ Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս համայնքի վարչական տարածքէն ու կը հասնի մինչեւ Հայաստանի հանրապետութեան սահմանը:
“Դեռևս կառուցուած չէ դէպի Կոռնիձոր 11 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը։ Մինչ այդ, ժամանակաւորապէս կ՚անցնենք 4 քիլոմեթրանոց հողէ փոքր հատուածով, որը միանում է գործող մայրուղուն՝ Աղաւնոյի հէնց վերեւում”,– ըսած է Խանումեան, աւելցնելով որ՝ այլընտրանքային ճանապարհը կը գործէ միջանցքի տրամաբանութեամբ: Ան հաղորդած է, թէ Հայաստանի սահմանէն դէպի Կոռնիձոր ճամբան կը նախատեսուի կառուցել շուրջ 250 օրուան ընթացքին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։