Յունիս 17-ին, Արցախի հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Հացի գիւղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան բաժինին կողմէ կազմակերպուած է «Էլի ցորենն է աշխարհի հիմքը» խորագրով հացի փառատօն:
Փառատօնը սկսած է Արցախի այայի (Արցախցիի բարբառով կը նշանակէ մայրիկ կամ մեծ մայր) ողջոյնի խօսքով:
Արցախեան բարբառով ջերմ բարեմաղթանքներէն ետք, ան հիւրերուն պատմած է հացեցիներու հիրընկալութեան և Հացի գիւղի պատմութեան մասին:
“Մեր գիւղը շատ հիւրասէր բնակչութիւն ունի, մեր ուզածը միայն խաղաղութիւն է, եթէ խաղաղութիւն լինի, մենք քարից էլ հաց կը քամենք եւ կ՚ապրենք: Մեր գիւղացիների հիւրասէր լինելու համար գիւղն անուանել են Հացի”,- նշած է այան։ Ան այնուհետեւ, հիւրերը հրաւիրած է թոնրատուն, ուր հաց կը թխէին գիւղին հարսերը:
“Փառատօնի տեղը պատահական չի ընտրուել: Մեր գիւղի անունը կապւում է հէնց հացի հետ եւ խորհրդանշում մեր համայնքի բնակիչների հիւրասիրութիւնը եւ բոլոր ժամանակներում հացի առատութիւնը: Միջոցառման նպատակը համայնքների համագործակցութեան եւ կապի վերականգնումն է”,– նշած է Հացի համայնքի ղեկավար Սանթուր Սարգսեան:
Փառատօնը շարունակուած է «Տկողնուտի տակ» կոչուող վայրին մէջ, ուր Մարտունիի շրջանի շարք մը համայնքներու պատանիները ներկայացուցած են հայրենասիրական երգեր, ազգային պարեր եւ կատարած են արտասանութիւններ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։