Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 1-ին Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղին մէջ մասնակցած է մանկապարտէզի շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Պետական միջոցներով եւ բարերարներու աջակցութեամբ կառուցուած շէնքը նախատեսուած է 60 երախայի համար եւ օժտուած՝ ժամանակակից բոլոր յարմարութիւններով:
Նախագահը խորհրդանշական համարած է Երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրը մանկապարտէզի բացումով նշանաւորելը։ Ան շնորհաւորած է բոլոր մանուկները եւ ընդգծած, թէ պետութեան կողմէ կը գործադրուին բոլոր ջանքերը՝ Արցախի փոքրիկներուն համար կայուն եւ արժանապատիւ ապագայ կառուցելու համար:
Արարողութեան մասնակցած են նախարարներ եւ շրջանային վարչակազմի պատասխանատուներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։