ԱՐՑԱԽ. Մարտունիի  եւ Ասկերանի մէջ Թումօ տուփեր բացուած են

Արցախի Մարտունի  եւ Ասկերան քաղաքներուն մէջ Յունիս 5-ին բացուած են Թումօ տուփեր, որոնք Մարտակերտի տուփին  եւ Ստեփանակերտի Թումօ կեդրոնին հետ միասին կը կազմեն Արցախի Թումոյի կրթական ամբողջական ցանցը՝ Արցախի մէջ։ Այսպէսով երկրի բոլոր պատանիները կ՚ապահովուին նորարական կրթութեամբ։

Բացման արարողութեան մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Թումօ կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան, Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Թումոյի զարգացման տնօրէն Բեկոր Փափազեան  եւ մեծ թիւով Թումոյի շրջանաւարտներ, ուսանողներ։

Տիկին Փափազեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՀ իշխանութիւններուն՝ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար  եւ վստահեցուցած, թէ ստեղծուած են բոլոր նախադրեալները ծրագրին յաջող գործունէութեան  եւ ընդլայնման համար։

Խմբագրական