ԱՐՑԱԽ – Նախագահ Յարութիւնեան Ամարասի մէջ մասնակցած է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի պատարագին

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 14-ին Ամարասի վանքին մէջ մասնակցած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Աստվածածնայ Վերափոխման տօնի պատարագին։

Այնուհետեւ նախագահը ներկայ գտնուած է խաղողօրհնէքի արարողութեան եւ ողջունած՝  շրջանային վարչակազմին կողմէ կազմակերպուած բերքի հիւրասիրութեան մասնակիցները։