Մինչ իր մեծ եղբայրը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ կ՚ընտրուի, Ազերպայճան ամենայն հանգստութեամբ կը շարունակէ Արցախի հայկական ժառանգութեան անհետացման իր «առաքելութիւնը»։
Այսպէս, Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Հոկտեմբեր 5-էն Նոյեմբեր 3-ի ընթացքին Ազերպայճանցիները պուլտոզերներով ճամբայ հարթած են Շուշիի պատմական գերեզմանատան ընդմէջէն, որ ծանօթ է իբրեւ «Երեւանեան դարպասներու» մերձակայ գերեզմանոց։
Ծառերու մէջ տեղաւորուած են առնուազն 78 հայերէն տապանաքարեր, որոնք կը կրեն 1802-էն 1913 երկարող թուականներ։ Կազմակերպութիւնը նշած է, որ տակաւին յայտնի չէ թէ քանի տապանաքար վնասուած է:
Սա 5-րդ հայկական գերեզմանոցն է, որ տուժած է 2020 Նոյեմբերէն՝ Մեծ Թաղերու ու Սղնախի աւերումէն եւ Ն. Շուշիի եւ Վազգէնաշէնի մերձակայքը գտնուող գերեզմանատուներուն վնասուելէն ետք։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։