Նոյեմբեր 20-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով եւ նախագահական հրամանագրով Արփինէ Սարգսեան Ներքին գործոց (ՆԳ) եւ Դաւիթ Խուդաթեան Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար նշանակուած են։
Յաջորդ օր՝ Նոյեմբեր 21-ին, վարչապետը պատկան նախարարութիւններու անձնակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարարները։
Նշենք, թէ Արփինէ Սարգսեան նախապէս կը վարէր Ներքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը, իսկ Դաւիթ Խուդաթեան՝ Արմաւիրի մարզպետն էր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։